Սապահըտտին)tesommrs co
| Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Սապահըտտին (1877-1948), թուրք հասարակական-քաղաքական գործիչ։ Երիտթուրքերու շարժման հիմնադրիներէն եւ ղեկավարներէն մէկս էր։ Սուլթան Ապտուլ Համիտի ll-ի զարմիկը։ Հայրը, որ ծագումով քրիստոնեայ էր, «զուլումի» տարիներուն կը փախչի Ֆրանսա։ Սապահըտտինը դարձած է այդտեղ գործող երիտթուրքերու ղեկավարը։ Անգլիասէր էր. յոյս ունէր Մեծ Բրիտանիաի օգնութեամբ Օսմանեան կայսրութիւնեան իրագործել սոցիալական յեղափոխութիւն։ Օսմանեան կայսրութեան հետամնացութեան պատճառ կը համարուի պետական սեփականութեան տիրապետութիւնը եւ կը պայքարի մասնաւոր սեփականութիւնը տարածելու համար։ Ազգային հարցում՝ լայն ինքնուրոյնութիւն շնորհելու կողմնակից, ընդհուպ մինչեւ ազգային ծայրամասերուն ինքնավարութիւն տալը եւ իրավահաւասար պետական կազմաւորումներու դաշնակիցներուն ստեղծումը։ Սերտ կապեր ունեցած է հայ քաղաքական շրջանակներու հետ։ Սապահըտինի ջանքերով հնարաւոր դարձած է երիտթուրքերու ժամանակաւոր դաշինքը ոչ թուրք, ժողովուրդներու հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւններու հետ։ Երիտթուրքերու շարժման պառակտումէն ետք անոր անդամներու մեծ մասը համախմբուած է Սապահըտտինի շուրջ եւ ստեղծած «Մասնաւոր նախաձեռնութեան եւ ապակենտրոնացման ընկերութիւնը»։ Սապահըտտինը պաշտպանած է օտարերկրեայ միջամտութեան անհրաժեշտութեան գաղափարը։ Անգլիացիներու օգնութեամբ կը փորձէ թաւադրութիւն կազմակերպել Ապտուլ Համիտ ll-ի դէմ, սակայն կը մատնուի անյաջողութեան։ 1908 թուականի հեղաշրջման հետեւանքով, երբ իշխանութիւնը զաւթած են երիտթուրքերու ազգայնական թեւի ներկայացուցիչները, Սապահըտտինը կը փախչի Եւրոպա։ 1918 թուականի վերջերուն կը փորձէ վերադառնալ քաղաքական ասպարեզ, սակայն, յաջողություն չունենալով, կը հաստատուի Շվեցարիաի մէջ։